image
Հրատապ լուրեր:

Կասպից ծովուն մէջ զոհուած ղազախստանցի 14 զինծառայողներու մարմինները յայտնաբերուած են

Կասպից ծովուն մէջ զոհուած ղազախստանցի 14 զինծառայողներու մարմինները յայտնաբերուած են

Կասպից ծովուն մէջ որոնողական աշխատանքները աւարտած են, յայտնաբերուած են զոհուած բոլոր 14 ղազախստանցի զինծառայողներուն մարմինները։ Այս մասին յայտնած է Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ տեղական ժամանակով ժամը 09:15-ին (Երեւանի ժամանակով՝ 08:15-ին) անընդհատ որոնողական-փրկարարական աշխատանքներու ընթացքին յայտնաբերուած են նախապէս անհետ կորսուած երկու զինծառայողներու՝ սերժանտ Մանսուր Կումարովի եւ նաւաստի Միրաս Թուրտիպեքուլիի մարմինները։

Ղազախստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած ուժերու ղեկավարութիւնն ու անձնակազմը խորին եւ անկեղծ ցաւակցութիւն յայտնած են զոհուած զինծառայողներու հարազատներուն եւ մերձաւորներուն։ Մամուլի ծառայութիւնը ընդգծած է, որ զոհուածներու ընտանիքներուն պիտի ցուցաբերուի համակողմանի աջակցութիւն, ներառեալ՝ նիւթական եւ հոգեբանական օգնութիւն։

Դէպքի առնչութեամբ քրէական գործ յարուցուած է։ Յատուկ յանձնաժողովի կողմէ քննութիւններ կը կատարուին՝ տեղի ունեցածին բոլոր պատճառներն ու հանգամանքները պարզելու համար։

Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էր Ղազախստանի Ընդհանուր դատախազութիւնը, պարզուած են այն պաշտօնատար անձերը, որոնք կը կասկածուին ծառայութեան նկատմամբ անփոյթ վերաբերմունքի, եղանակային պայմանները հաշուի առնելով անձնակազմի անվտանգութիւնը չապահովելու եւ փրկարարական աշխատանքները ոչ պատշաճ կազմակերպելու մէջ, ինչ որ յանգեցուցած է մարդկային զոհերու։

 

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 24-ին, Մանկիսթաուի մարզին մէջ, Կասպից ծովու ափին ռազմածովային ուժերու զօրավարժութիւններու ընթացքին, եղանակի կտրուկ վատթարացման եւ ուժգին քամիի պատճառով 17 զինծառայողներ բաց ծով քշուած էին։ Անոնցմէ 14-ը զոհուած են։ Արագօրէն ձեռնարկուած միջոցառումներուն շնորհիւ երեք զինծառայողներ փրկուած են։