Անծանօթ զինեալներ Անկոլայի մէջ առեւանգած են լիբանանցի յայտնի գործարար Միշէլ Ռըզքը: Այս մասին լուրը հաղորդած է Անկոլայի մօտ Լիբանանի դեսպանութեան գործակատար Արա Խաչատուրեան: Խաչատուրեան նաեւ ըսած է, որ առեւանգող զինեալներ 500 հազար ամերիկեան տոլարի փրկագին կը պահանջեն Ռըզքը ազատ արձակելու համար: