image

Փաշինեան պատրաստ է իր զաւակը տալ, գերիներու ազատութեան դիմաց

Փաշինեան պատրաստ է իր զաւակը տալ, գերիներու ազատութեան դիմաց

 

Համաձայն եմ, Ալիեւին ալ պաշտօնապէս կ'ըսեմ՝ որդիս կու տամ բոլոր գերիներու դիմաց: Այս մասին ապարանցիներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ պատասխանելով ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն խօսքին, թէ Փաշինեանը պէտք է իր որդին տայ 20-25 ռազմագեր վերադարձնելու համար:

 

Ան նշած է, որ կը դիմէ Ալիեւին, Կարմիր խաչին, Սերժ Սարգսեանին ու Ռոպերթ Քոչարեանին եւ կը լիազօրէ պաշտօնապէս բանակցիլ այդ թեմայով։ «Յանկարծ չմտածէք, թէ էմոցիոնալ բան եմ ասում, ասում եմ պաշտօնապէս, գնացէք, բանակցէք»,-ըսած է Փաշինեանը եւ նշած, որ կը սպասէ Սարգսեանի եւ Քոչարեանի պատասխանին: