«Ապտալլա ազամ» անունը կրող խմբաւորման առաջնորդին որդին, այս առաւօտ ինքզինք յայնձնած է լիբանանեան բանակին: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրը կը հաւաստէ, որ այդ շարժումի ղեկավար Թոֆիք Թահայի որդին` Ապտալլա Թահա (1995 ծնունդ) այս առաւօտ ինքզինք յանձնած է լիբանանեան բանակին: Թահա մօտեցած է Սայտա քաղաքի կառավարական հիւանդանոցին մօտ գտնուող բանակի մէկ անցարգելային կէտ ու այնտեղ ինքզինք յանձնած է: Յիշեցնենք, որ «Ապտալլա ազամ» շարժումը ահաբեկչական տասնեակ գործողութիւններ կատարած է Լիբանանի մէջ, թիրախ ունենալով յատկապէս ՄԱԿ-ի խաղաղապահ՝ Եունիֆիլի ուժերու կեդրոնատեղիներ: Խմբակցութեան նախին առաջնորդ Սէուտցի Մաժէտ Ալ Մաժէտ երկու տարի առաջ 2014-ին սպաննուած էր լիբանանեան իրաւապահ մարմիններու կողմէ շղթայազերծուած յատուկ գործողութեան մը ատեն: