image

Լիբանան. Վտանգաւոր խմբաւորման առաջնորդի որդին բանակին յանձնուեցաւ

Լիբանան. Վտանգաւոր խմբաւորման  առաջնորդի որդին բանակին  յանձնուեցաւ

«Ապտալլա ազամ» անունը կրող  խմբաւորման առաջնորդին որդին, այս  առաւօտ ինքզինք յայնձնած է լիբանանեան բանակին: Այս  մասին լուր փոխանցող աղբիւրը կը  հաւաստէ, որ    այդ շարժումի   ղեկավար   Թոֆիք Թահայի որդին` Ապտալլա  Թահա  (1995  ծնունդ)  այս առաւօտ ինքզինք յանձնած  է    լիբանանեան բանակին:   Թահա   մօտեցած է   Սայտա քաղաքի  կառավարական հիւանդանոցին մօտ գտնուող բանակի մէկ  անցարգելային կէտ ու  այնտեղ  ինքզինք յանձնած է:   Յիշեցնենք, որ   «Ապտալլա   ազամ» շարժումը  ահաբեկչական տասնեակ գործողութիւններ կատարած է Լիբանանի  մէջ, թիրախ ունենալով յատկապէս ՄԱԿ-ի խաղաղապահ՝ Եունիֆիլի  ուժերու  կեդրոնատեղիներ: Խմբակցութեան նախին առաջնորդ Սէուտցի Մաժէտ Ալ Մաժէտ    երկու տարի առաջ  2014-ին սպաննուած էր  լիբանանեան   իրաւապահ մարմիններու   կողմէ շղթայազերծուած յատուկ  գործողութեան մը ատեն: