Լիբանան- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Այսօր Լիբանան երրորդ անգամ ըլլալով թեկնածու է Նոպէլի խաղաղութեան մրցանակին, ոչ թէ իր քաղաքական գործիչներու, այլ անոր հայրենակիցներու կողմէ լիբանանեան հողերուն վրայ աւելի քան մէկ միլիոն ու կէս սուրիացի փախստականներ հիւրընկալելուն համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ այս թեկնածութիւնը կու գայ Լիբանանի մէջ Միջազգային «Ամէլ» հաստատութեան Նոպէլի մրցանակի թեկնածութեան լոյսին տակ, որ հիմնուած է հաստատութեան կողմէ 36 տարիներու վրայ երկարող մաքառումի եւ մարդկային ծառայութիւններու պատմութեան վրայ: Կազմակերպութեան պատսխանատու մը, անդրադառնալով այս առիթին, նշած է, որ իրենց կարգախօսը եղած է «Ինչպէ՞ս կրնանք ամրապնդել մարդու մարդկայնութիւնը, անկախ անոր քաղաքական, կրօնական կամ աշխարհագրական պատկանելիութենէն», նշելով, որ կազմակերպութիւնը իր գործունէութեամբ զօրակցութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ ժողովուրդին: Հաստատութեան կողմէ այս նպատակով կազմակերպուած է ստորագրահաւաք մը «Ժամանակն է որ Լիբանանը Նոպէլի մրցանակ ստանայ. Քուէարկեցէ՛ք «Ամէլին»» խորագրով, նշելով որ այս մէկը պատիւ պիտի բերէ բոլոր լիբանանցի ժողովուրդին եւ լիբանանեան ու արաբական կազմակերպութիւններուն:
Նշենք, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր արաբական աշխարհէն միայն 7 թեկնածուներ Նոպէլեան մրցանակ շահած են, որոնցմէ երկուքը լիբանանցիներ եղած են: Այսօր Լիբանանը կը մրցակցի Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին, ինչպէս նաեւ Քոլոմպիայէն խաղաղութեան բանագնացներու խումբի եւ ամերիկեան նախագահութեան պաշտօնին յառաջատար թեկնածու հանրապետական Տոնալտ Թրամփին հետ, եւ որու արդիւնքը յայտնի պիտի դառնայ եկող հոկտեմբերին: