Թուրքիա- («Հուրրիյէթ Տէյլի Նիյուզ»-Պոլիս)- Թուրքիոյ Խորհրդարանէն ներս սուր բանավէճեր եւ լարուածութիւն ստեղծուած է, կապուած՝ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանի, յատկապէս Սիզրէ քաղաքի բախումներուն հետ: Այս մաին կը հաղորդէ «Հուրրիյէթ» նշելով, որ Թուրքիոյ իշխանութեան երկու հակադիր կուսակցութիւններէ CHP-ի եւ HDP-ի օրէնսդիրներ Յունուար 20-ին խորհրդարանական ընդհանուր նիստի ընթացքին առճակատում ունեցած են Իշխող կուսակցութեան օրէնսդիներուն հետ:
Աղբիւրը համաձայն, բանավէճին սկիզբ տուած է Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան համանախագահ Սէլահ Ալ-տիին Տէմիրթաշի յայտարարութիւնը, թէ Սիզրէի քաղաքացիներուն օգտակար դառնալու նպատակով այնտեղ մեկնած անզէն քաղաքացինու խումբը, յայտնուելով թրքական անվտանգութեան ուժերու եւ քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներու կրակոցներու մէջեւ, ապաստանած են շէնքի մը նկուղային յարկը, ուր սակայն անոնք թիրախ դարձած են անվտանգութեան ուժերու փամփուշտնետուն: Կը նշուի նաեւ, որ Սիզրէ մտած խումբը, որոնց շարքին եղած է նաեւ (HDP) Շիրնաքի տեղակալ Ֆայսալ Սարիեըլտիզը, արտօնութիւն ստացած էր կառավարիչէն:
Տէմիրթաշ յայտնած է նաեւ, որ անոնցմէ տասն վիրաւորուած են եւ արիւնահոս վիճակի մէջ կը գտնուին եւ շտապ օգնութեան մեքենաները չեն յաջողիր վիրաւորները դուրս բերել, կրկակոցներու պատճառով:
Տէմիրթաշի ելոյթէն ետք, շատ մը վարչական գործիչներ եւ պատգամաւորներխնդ, Թուրքիոյ խորհրդարանի խօսնակ՝ Իսմաիլ Քահրամանէն եւ ներքին գործերու նախարարէն խնդրած են գործնական քայլեր ձեռնարկել ,կրակոցներու զոհ դարձած քաղաքացիներու փրկութեան վերաբերեալ:
Նոյն օրը Փոխվարչապետ Լիւթֆի Էլվամը յայտնած է, որ նշեալ խումբը, որոնց մէջ ըլլալով Սարիեըլտիզը եւ քանի մը փոխքաղաքապետեր, տարուած են տեղխոյն քաղաքապետարանի շէնքը, իսկ վիրաւորները հիւանդանոց: