image

Լա

Լա

Իզմիր («Տէյլի սապահ»-Պոլիս)- Թուրքիոյ  Հունաց  Բարթողիմէոսը Պատրիարքը, որ աշխարհի ամբողջ ուղղափառ եկեղեցիներու հովանաւորն է, կիրակի օր ժամանած էր ՝ Իզմիր, իր մէկշաբաթեայ ուղեւորութեան ընթացքին, որ սկսած էր ուրբաթ օր:  Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Սապահ», նշելով, որ Աւագ հոգեւորականի գլխաւորութեամբ  պատարագ մատուցուած է Իզմիրի «Այա Ֆոթինի» եկեղեցւոյ մէջ եւ տուած է խաղաղութեան ուղերձներ:

Աղբիւրը կը նշէ, որ պատրիարքին դէպի Ալսանճաք շրջանի Իզմիրի եկեղեցին ուղեկցած են նաեւ Թուրքիոյ մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քէյրիաքոս Լուքաքիսը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ, Յունաստանի եւ այլ երկիրներու յունական ուղղափառ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Կրօնական ծառայութեան մատուցումէն ետք խօսելով լրագրողներուն, Բարթողիմէոս  Պատրիարք կարեւորած է սուրիացի գաղթականներու վիճակը, որոնք Իզմիրի ափէն կը մեկնին Յունաստան, սակայն  յաճախ  կը մահանան վտանգաւոր ծովային ճանապարհորդութեան ընթացքին: «Մենք յոյս ունինք, որ բոլորն ալ օգնութեան ձեռք պիտի երկարեն, վերջ տալու համար այս պատերազմին»,- ըսած է ան:

Աղբիւրը կը  նշէ նաեւ, որ Բարթողիմէոս յայտնած է իր ուրախութիւնը Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի եւ անոր թրքական կողմի համազօր Ահմէտ Տաւութօղլուի միջեւ Իզմիրի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման կապակցութեամբ: «Յոյսով եմ, որ անոնց քննարկած բոլոր հարցերը համաձայնութեամբ կը պսակուին: Անոնց հանդիպումը անկասկած պիտի ըլլայ ի շահ երկու երկիրներուն, ըլլայ  քաղաքական հարցով, թէ զբօսաշրջիկութեան եւ առեւտուրի բարելաւման ուղղութեամբ»,-  ըսած է Պատրիարքը լրագրողներուն: