Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Կիւլէնեան շարժման դէմ առաջին դատավարութիւնը, որու անդամներու մեծ մասին դէմ կառավարութիւնը տապալելու ուղղուած ահաբեկչական մեղադրանք կայ: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ կը փոխանցէ, թէ շարժման կրօնական առաջնորդ, ՝ Ֆաթհիւլլա Կիէլէն, որ ներկայիս կը բնակի ԱՄՆ, ինչպէս նաեւ 32 այլ անդամներ, որոնց շարքին են նախկին ոստիկանապետեր դատապարտուած են 235 տարուան ազատազրկմամբ, իրենց շարժումը քննադատողները դաւադրութեամբ բանտարկման ենթարկելնուն համար:«Սապահ» կը տեղեկացնէ, որ Կիւլէնի եւ նախկին ոստիկանապետի կողքին,Կիւլէնիսթ շարժման կապուած «Samanyolu Media Group»-ի գործադիր տնօրէն՝ Հիտայէթ Քարասան նոյնպէս պիտի դատուի «Թահշիյէ» կոչուած դատով: «Թահշիյէ»ն Սիւննի իսլամներու համայնք է, որու ղեկավար Տողանը ծանօթ եղած է Կիւլէնէ կրօնական գաղափարներու դէմ հակադրութեամբը: Թերթը կը նշէ նաեւ, որ Տողան եւ «Թահշիյ»ի 122 անդամներ 2009-ին ձերբակալուած են, Կիւլէնիսթներու կողմէ մեղադրուելով որպէս «Թուրքիոյ դէմ զինելու վտանգաւոր ներուժ» ունեցող շարժում, սակայն յետագային բաւարար փաստերու չգոյութեան հետեւանքով ազատ արձակուած են:Թերթը կը նշէ նաեւ, որ Քարասայի դատապարտուած է «Թահշիյէ»ի դէմ կեղծ եւ սուտ տեղեկագրութիւն գրելով, մինչ ոստիկանները Կիւլէնի հրահանգով կեղծ փաստեր տեղադրած են, Տողանի բանտարկութեան համարԻնչպէս կը նշուի, այս հարցի, ինչպէս նաեւ Կիւլէնի այլ յանցագործութիւններու վերաբերեալ դատավարութիւնը պիտի սկսի յառաջիկայ Փետրուար ամսուան սկիզբը: