Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ կուսակցութեան կողմէ ծրագրումի ու պետական պիւտճէի յանձնաժողովի քննարկումներուն անդամ է, երեքշաբթի օր ելոյթ ունենալով, անդրադարձած է հայ-թրքական սահմանի փակ ըլլալու իրողութեան: Փայլան նշած է, որ եթէ սահմանը բաց ըլլար, ապա Հայաստան իր առեւտուրի մեծ մասը Թուրքիոյ միջոցաւ պիտի իրականացնէր: Փայլան իր խօսքի մէջ հաստատած է, որ 23 տարիներէ ի վեր Հայաստաի հետ սահմանը փակ պահելու հիմնական պատճառը եղած է ղարաբաղեան հարցը: Այս ուղղութեամբ ան դիտել տուած է, որ սահմանի բաց ըլլալը պիտի խթանէր երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման, եւ հաւանաբար՝ դիւրացնէր ղարաբաղեան հարցի լուծումը: «Երկու կողմերն ալ կրնային այդ յարաբերութիւնները զարգացնել եւ խնդիրները դէպի լուծման առաջնորդել» ըսած է ան: