Իսրայէլ- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Ամերիկեան պաշտօնական կողմեր յայտնած են լիբանանցի պատասխանատուներու, որ «Իսրայէլ մտադիր է պատերազմ սկսիլ Հըզպալլայի դէմ»: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-ժատիտ»ը նշելով, որ այդ նոյն կողմերը, լիբանանցի պատասխանատուներուն Ուաշինկթըն տուած վերջին այցելութեան ընթացքին յայտնած են,որ «Սէուտական Արաբիա- Հըզպալլա յարաբերութիւններու լարումը, Իսրայէլի ախորժակը բացած է միանալու այս «պատերազմին»»: Նման զգուշացումներ լսելու կողքին լիբանանցի ղեկավարները ԱՄՆ-հետախուզական մարմիններու մօտ կանգնած անձերէ տեղեկացած են, որ«Հըզպալլա» ի կողմէ իրականցուած վերջին գործողութիւնը՝ ի պատասխան առաջնորդ Սամիր Քընթարի սպաննութեան, «փորձ մըն էր, չափելու բոլոր կողմերու ունենալիք արձագանգը»: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ամերիկացի պատասխանատուներ իրենց այցելուներուն ըսած են, թէ «Իսրայէլը մեզ տեղեկացուցած է, որ պատերազմ կ'ուզէ եւ կը պատրաստուի անոր, հետեւաբար անոր ձեռքը պատրուակ չտաք», բացատրելով, որ «Իսրայէլ չի կրնար ձեռնծալ նստիլ, «Հըզպալլա»ի Սուրիոյ մէջ վարած կռիւներուն եւ դաշտի վրայ տարած յաղթանակներուն դիմաց»: Ամերիկացիները նաեւ ընդգծած են «անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի կառավարութեան կողմէ «Հըզպալլա»ի վրայ ճնշումի բանեցման՝ խուսափելու համար 2006 թուականի պատերազմի սցենարի կրկնութենէն», աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն համոզուած է, որ «այս անգամ պատերազմի հաւանականութիւնը շատ աւելի մեծ է, քան երբեւէ եղած էր»: