image
Հրատապ լուրեր:

«Իսլամական Պետութեան» Ստոյգ Սպառնալիքը Հայաստանի Եւ Հայութեան Համար/Կարօ Արմէնեան

«Իսլամական Պետութեան» Ստոյգ Սպառնալիքը Հայաստանի Եւ Հայութեան Համար/Կարօ  Արմէնեան

«Իսլամական Պետութիւն» անուան տակ գործող ահաբեկչական մեքենան, որ իր խուժդուժ գործողութիւններով յաջողեցաւ խախտել աշխարհակարգի հաւասարակշռութիւնները Միջին Արեւելեան տարածաշրջանին մէջ եւ որ յայտնի է բազմապիսի յորջորջումներով (IS, ISIS, ISIL), այժմ արդէն մաս կը կազմէ Հայաստանի եւ հայութեան ազգային անվտանգութեան անմիջական մարտահրաւէրներուն: Եւ ասիկա՝ մէկէ աւելի չափորոշիչներով:

Հայ պետականութիւնը կղզիացած երեւոյթ մը չէ: Ան կը պատկանի տարածաշրջանի մը, որ այսօր կը դիմագրաւէ այս մեծ սպառնալիքը ուղղուած՝ շրջանի կայունութեան, բազմատարրութեան, խաղաղութեան, մշակութային ժառանգութեան, բայց մանաւանդ շրջանի երկիրներու վաղուց հաստատուած սահմանագիծերուն:

Առաջին, ISIS անմիջական վտանգ մը կը ներկայացնէ մեր Միջին Արեւելեան Սփիւռքին, յատկապէս՝ Սուրիոյ եւ մանաւանդ Լիբանանի մեր ռազմավարական խարիսխին: Իսկ Սփիւռքը օրգանականօրէն առընչուած է Հայաստանի լինելիութեան մեծ խնդրին:

Երկրորդ, ISIS կը վտանգէ եւ կ՛ապակայունացնէ իսլամական աշխարհը, որուն մէջ տեղաւորուած է մերօրեայ հայ պետականութիւնը:

Երրորդ, Հայաստան մաս կը կազմէ Ռուսաստանի աշխարհաքաղաքական գօտիին, որ մեծ զգայնութիւններով կապուած է իսլամական աշխարհի վերիվայրումներուն եւ տրամադրութիւններուն եւ որոնք անմիջականօրէն կ՛անդրադառնան Եւրասիական Միութեան ներքին խմորումներուն վրայ:

Չորրորդ, մեր անմիջական հարեւանութեան երկիրները՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան գործօն դերակատարներ են ISIS-ի ետին: Թուրքիա կը խաղայ շատ բարդ խաղ մը՝ ISIS-ի միջոցաւ իր թաթին տակ առնելու Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի ռազմավարական գօտին իր բնական հարստութիւններով: Միաժամանակ Թուրքիա կը կիրարկէ ISIS-ը իր թաթին տակ պահելու ռազմավարութիւն եւ տարածաշրջանի քրտական ուժը (լայն չափերով ՓՔՔի խարիսխ) ISIS-ի միջոցաւ կոտորակելու քաղաքականութիւն: Այս առումով, անխուասփելիօրէն վտանգներու ենթակայ են մեր դիրքերը հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական ճակատներու վրայ: Վտանգուած են յատկապէս Մինսկի Խումբի բանակցային գործընթացին մէջ հայկական կողմի դիրքերը:

Վերջապէս, հինգերորդ, Իրանի սահմանը իր յատուկ մարտահրաւէրները ունի Հայաստանին համար: Թէեւ Իրան ոխերիմ թշնամի մըն է ISIS-ի եւ սակայն ան շատ հեռու է լիովին պաշտպանուած ըլլալէ եւ հայ-իրանական սահմանը, այս առումով, գրաւիչ կարելիութիւն մը կը ներկայացնէ ISIS-ի եւ իր ետին կեցող ուժերուն համար…

Կ՛ուզեմ աւելցնել, որ ISIS-ի վտանգը իր այսօրուան ահաբեկչական արարքները չեն միայն: ISIS մեծ յեղաշրջում մը կը բերէ իսլամական աշխարհի կեանքին եւ մտայնութեան մէջ: Ան իր ֆաշիզմով կը վարակէ մեր կենսական տարածութիւնը հանդիսացող տարածաշրջանը Ռուսաստանէն մինչեւ Միջերկրական եւ Հնդկաց Ովկիանոս: Անով ստեղծուած սպառնալիքը կրնայ տարածուիլ եւ իր խելագար ալիքին մէջ առնել մեր ժամանակաշրջանը  բազմապիսի դրեւորումներով:

Պէտք է վերջապէս աւելցնել, որ ISIS-ի «լուծարում»ը (եթէ իսկ հնարաւոր ըլլայ) Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքներէն՝ դեռ չի նշանակեր անոր փաստական անհետացումը տարածաշրջանի կեանքէն: ISIS բանալի գործիք մըն է Թուրքիոյ ձեռքին մէջ: Ան ստեղծուած է Թուրքիոյ կողմէ իր ծաւալապաշտ քաղաքականութեան զինարանին համար: Իսկ Հայաստանն ու Հայ Դատը (ինչպէս Քիւրտիստանն ու քրտական դատը) կը գտնուին այդ աշխարհաքաղաքական ճանապարհի զգայուն կէտերուն վրայ:

 

Կարօ Արմէնեան

«Ասպարէզ»