image
Հրատապ լուրեր:

Իրաքի խորհրդարանը կողմ քուէարկած է երկրէն օտար ուժերու հեռացումը պահանջող օրինագիծին

Իրաքի խորհրդարանը կողմ քուէարկած է երկրէն օտար ուժերու հեռացումը պահանջող օրինագիծին

Իրաքի խորհրդարանը կողմ քուէարկած է օտարերկրեայ ուժերու ռազմական ներկայութեան դադարեցման: Այս մասին կը յայտնէ TASS.ru-ն: Աւելի վաղ երկրի վարչապետի պարտականութիւններն իրականացնող Ապտըլ Մահտին խորհրդարանին կոչ ըրած է վերանայելու բոլոր համաձայնութիւնները, որոնք կը կարգաւորեն երկրի մէջ օտարերկրեայ ուժերու ներկայութիւնը: Մահտին նաեւ յայտարարած էր, որ խորհրդարանի քննարկմանն ներկայացուցած է երկրէն օտարերկրեայ ուժերու դուրսբերման ժամանակացոյցը:

Ներկայացուցիչներու խորհուրդի արտահերթ նիստին ընդունուած բանաձեւին մէջ պատգամաւորները «Կառավարութեան պարտադրած են վերջ դնել երկրին մէջ օտար ուժերու ռազմական ներկայութեան եւ Միջազգային հակաահաբեկչական դաշնակից ուժերու հետ կնքուած համաձայնագրի շրջանագիծէն ներս աշխատանքը դադրեցնել»:

Նշենք, որ ներկայիս Իրաք կը գտնուին 5 000 ամերիկացի զինուորականներ, որոնց մեծ մասը խորհրդականներ են: