image

Զաս մտահոգ է ՀԱՊԿ-ի սահմաններուն մերձ ՆԱԹՕ-ի ուժերու աճով

Զաս մտահոգ է ՀԱՊԿ-ի սահմաններուն մերձ ՆԱԹՕ-ի ուժերու աճով

 

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը մտահոգուած է ՀԱՊԿ սահմաններու մօտ ՆԱԹՕ-ի աշխոյժութեամբ: Այս մասին ան յայտարարած է 19 Մայիսին, Տուշանպէի մէջ, կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ժամանակ, գրած է EurAsia Daily գործակալութիւնը:

«Ցաւօք, համաշխարհային անվտանգութեան ոլորտին մէջ դրական տեղաշարժեր չկան: Իրավիճակը գործնականօրէն ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու սահմաններու ողջ պարագիծով կը շարունակէ լարուած մնալ: Մեր կազմակերպութեան պատասխանատուութեան արեւելաեւրոպական գօտիի սահմաններուն մօտ  աւելի աշխոյժօրէն կը գործարկուի ՆԱԹՕ-ի երկիրներու ռազմական ներկայութիւնն ու ռազմական աշխոյժութիւնը»,-նշած է գլխաւոր քարտուղարը: