ՀՀ Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունած է «ՀՀ Ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը: Փաթեթն ընդունուած է միաձայն` 81 կողմ ձայնով:
Օրէնսդրական փաթեթով օրէնքի ուժով պիտի ամրագրուի Հանրային հեռուստաընկերութեամբ նախընտրական բանավէճերու կայացումը, պիտի ընդլայնուի հիմնադրամներէն կատարուող ծախսերու ցանկը, էապէս պիտի նուազեցուի ԱԺ պատգամաւորներու թիւի աւելացման հնարաւորութիւնը:
Առաջինէն երկրորդ ընթերցման ընթացքին նախագիծը լրամշակուած է. կատարուած են որոշ փոփոխութիւններ:
««ՀՀ Ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը հեղինակած է «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը: Այն ստացած է Վենետիկի յանձնաժողովի եւ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի դրական կարծիքը: