Երէկ երեկոյեան Իջեւանի մէջ փայտահատութեան գործով զբաղուողները փակած էին միջպետական` Մ4 ճանապարհը: Ճանապարհը փակող ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ տեղի ունեցած է բախում, երբ վերջիններս փորձած են պատ կազմել եւ ազատել ճանապարհը: Այս մասին յայտնած է hetq.am-ը:
Ցուցարարները ընդդիմացած են եւ առաջացած է բախում, ինչպէս նաեւ քարերու տեղատարափ, ոստիկանութիւնը նահանջած է: Կան վիրաւորներ: Վիրաւոր ոստիկանները տեղափոխուած են: Ցուցարարները չհաւատալով Տաւուշի մարզպետի յորդորներուն, ճանապարհը չեն բացած:
Իջեւանի մէջ փայտահատութեան գործով զբաղուողներու կողմէ միջպետական` Մ4 ճանապարհի փակումի հետեւանքով, հարիւրէ աւելի մեքենաներ խցանման մէջ յայտնուած են: Ցուցարարները հանդիպում պահանջած են այն անձի հետ, որ հրաման տուած է թոյլ չտալ անտառէն փայտ տանիլ:
Աւելի ուղ ցուցարարները բացած են ՀՀ-Վրաստան միջպետական ճանապարհը։