image

Իջեւանի մէջ փայտահատութեան գործով զբաղուողները բողոքի ցոյց կատարած են. կան վիրաւորներ

Իջեւանի մէջ  փայտահատութեան գործով զբաղուողները  բողոքի  ցոյց կատարած են. կան վիրաւորներ

Երէկ  երեկոյեան Իջեւանի մէջ փայտահատութեան գործով զբաղուողները փակած էին միջպետական` Մ4 ճանապարհը: Ճանապարհը փակող ցուցարարներուն  եւ ոստիկաններուն միջեւ տեղի ունեցած է բախում, երբ վերջիններս փորձած են պատ կազմել եւ ազատել ճանապարհը: Այս մասին յայտնած է hetq.am-ը:  

Ցուցարարները  ընդդիմացած են եւ առաջացած է բախում, ինչպէս նաեւ քարերու տեղատարափ, ոստիկանութիւնը նահանջած է: Կան վիրաւորներ: Վիրաւոր ոստիկանները տեղափոխուած են: Ցուցարարները չհաւատալով Տաւուշի մարզպետի յորդորներուն, ճանապարհը չեն բացած:

Իջեւանի մէջ  փայտահատութեան գործով զբաղուողներու կողմէ  միջպետական` Մ4 ճանապարհի փակումի հետեւանքով, հարիւրէ աւելի մեքենաներ խցանման մէջ յայտնուած են: Ցուցարարները հանդիպում պահանջած են այն անձի հետ, որ հրաման տուած է թոյլ չտալ անտառէն փայտ տանիլ:

Աւելի ուղ ցուցարարները բացած են ՀՀ-Վրաստան միջպետական ճանապարհը։