Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն լոյսին տակ արեւմուտքի հետ անմիջական կապ ունեցող մէկէ աւելի փորձագէտներ յայտնած են, որ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ հաւանական պատերազմի մը շղթայազերծումը սկսած է դառնալ իրատեսական:
Այս մասին կը գրէ Lebanon 24 կայքը նշելով, որ շատ հաւանական է, որ Իսրայէլ- Իրանեան բախում մը գրանցուի Սուրիոյ մէջ եւ անոր արձագանքները երեւելի դառնան Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ:
Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ շատ հաւանական է, որ Իսրայէլի բանակը առիթը օգտագործէ եւ պատերազմական գործողութիւններ իրականացնէ Իրանի «հաւատարիմ» ուժ համարուող «Հըզպալլա»ին դէմ: