Երէկ գիշեր Հալէպի կարգ մը շրջաններ դարձեալ թիրախ դարձան ահաբեկչական խմբաւորումներու կատարած հրթիռարձակումներուն: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Շապաքէթ ախպար Հալապ» դիմատետրի էջը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հրթիռներ ինկած են յատկապէս «Ալ-Զահրաա» շրջանին ուղղութեամբ:
Մարդակային կորուստներու կամ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր:
Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, որ հրթիռարձակումներէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած են լայնածաւալ բախումներ, յատկապէս Հալէպի արեւմտեան ուղղութեամբ գտնուող զինուրական ճակատներուն վրայ, ուր տեղակայուած են ահաբեչական խմբաւորումներ:
Սուրիոյ բանակը ծանրօրէն պատասխանած է ահաբեկիչներու այն դիրքերուն, որոնք կը համարուին Հալէպի անզէն, խաղաղ բնակավայրերը հարուածող կեդրոնատեղիներ: