Քիչ առաջ բերման ենթարկուած է ՀՀ Ազգային Ժողովին նախկին պատգամաւոր ՝ Ռուբէն հայրապետեանը։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց Shantnews -ը, աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Հայրապետեան բերման ենթարկուած է Քրէական Ոստիկանութեան աշխատակիցներուն կողմէ եւ անոր բերման ենթարկուիլը կապ ունի ապօրինի զէնք եւ զինամթերք պահելու կասկածանքին հետ։
Յիշեցնենք, որ Հայրապետեան եղած է «Հանրապետական» կուսակցութեան անդամ. Ան նաեւ երկար տարիներ վարած է Հայաստանի ֆուտպոլի Ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօն։