Անցնող քանի մը ամիսներու ընթացքին լիբանանեան Այն Ալ Հուլուա գաղթակայանէն խումբ մը հետախուզուողներ Հիւսիսային Լիբանանէն դէպի սուրական հողեր անցած են, որոնցմէ երկուքը արդէն Գերմանիա հասած են:
«Ալ Ախպար» թերթին փոխանցմամբ, հետախուզման մէջ գտնուող շէյխ Ահմատ Ալ Ասիրի երեք զաւակները, ինչպէս նաեւ անոնցմէ առաջ այլ ահաբեկիչներ, Լիբանանէն Սուրիոյ միջոցով հասած են Թուրքիա, նպատակ ունենալով այնտեղէն տեղափոխուիլ Եւրոպա:
Տարածուած լուրերուն համաձայն, իւրաքանչիւր ահաբեկիչ որ ապօրինի տեղափոխման դիմաց 10 հազար տոլարը գերազանցող գումար վճարած է:
Անվտանգութեան ուժերու կողմէ ձեռք բերուած տեղեկութիւններուն համաձայն, գաղթակայանէն դուրս եկած եւ Եւրոպա մեկնիլ ցանկացողները, ըստ իրենց նպատակադրուածութեան, կարելի է բաժնել երկու խումբի:
Անոնց մէկ մասը կը ձգտի ազատիլ գաղթակայանէն, մեկնիլ Եւրոպա եւ այնտեղ նոր կեանք ապրիլ, խաղաղ պայմաններու մէջ:
Երկրորդ խումբին կը պատկանին անոնք, որոնք նպատակ ունին Եւրոպա հասնելէ ետք այնտեղ ահաբեկչական գործունէութիւն ծաւալել: Այս խումբին մաս կը կազմեն «Նուսրա» եւ «Տահէշ» խմբաւորումներու գաղափարակիցները: