Այսօր առեղծուածային ու ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Լոռիի մարզին մէջ։
Ժամը 11:00-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան Լոռիի մարզային փրկարարական վարչութիւն տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Վանաձոր-Ալավերդի ճանապարհի 1-ին թունելի մօտէն հոսող Փամբակ գետին մէջ դի կայ։
Ինչպէս յայտնած է ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, պարզուած է, որ ստացուած տեղեկութիւնները հաւաստի են եւ Փամբակ գետին մէջ յայտնաբերուած է դի։
Փրկարարները կը փորձեն յատուկ ճոպանի միջոցով մօտենալ մարմինին եւ այն դուրս բերել ափ։
Դէպքի փաստով Լոռիի մարզային քննչական վարչութեան կողմէ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, ուր ալ պարզած են մահացածի ինքնութիւնը ու դէպքի հանգամանքները, թէ ինչ պայմաններու մէջ ան յայտնուած է գետին մէջ։