ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է AMAA բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Կերի Ֆիլիբսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ AMAA-ի համագործակցութեամբ Վարդենիսի խոշորացուած համայնքին մէջ կրթահամալիրի կառուցման ծրագրին վերաբերող հարցեր։
Վարչապետը կարեւոր նկատած է այս ծրագիրին իրականացումը՝ նշելով, որ անոր շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր դեռ ամիսներ առաջ։ Փաշինեան ընդգծած է, որ կրթութեան ոլորտին մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացումը ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է։
Միաժամանակ, ան շեշտած է կրթահամալիրը կառավարութեան սահմանած չափանիշներուն համապատասխան կառուցելու անհրաժեշտութիւնը։ Վարչապետը յոյս յայտնած է, որ AMAA-ի հետ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ այլ ուղղութիւններով։
Նշուած է, որ Վարդենիսի մէջ նախատեսուած 700 տեղանոց կրթահամալիրի կառուցման աշխատանքները պիտի իրականացուին 2026-2029 թուականներուն։



