Իրավիճակին ծանօթ անանուն թրքական աղբիւրները Middle East Eye-ին յայտնած են, որ արտայանձնման հայցը ներկայացուած է այն բանէն ետք, երբ այս տարուան սկիզբը Տուպայի մէջ բնակող Փեքերի ձերբակալման երկու հրաման տրուած է:
Ըստ աղբիւրներէն մէկու, Թուրքիոյ ՆԳՆ-ն անցեալ ամիս դիմած էր նաեւ ԱՄԷ-ի Ինթըրփոլի ազգային կեդրոնական բիւրօ` պահանջելով ձերբակալել Փեքերը: «Սակայն ԱՄԷ-ի Ինթըրփոլը Ինթիրփոլէն պահանջած է կալանքի միջազգային հրաման», որու հետեւանքով ձերբակալումը տեղի չէ ունեցած:
Մայիսի սկիզբը Փեքերը կը գտնուի Տուպայ՝ YouTube-ի ալիքին տեղադրելով տեսանիւթեր, որոնք դիտուած են աւելի քան 100 միլիոն անգամ: Տեսանիւթերուն մէջ ան կը մերկացնէ Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաները, որոնք մօտ են նախագահ Թայէպ Էրտողանին:
49-ամեայ Փեքերը յայտնի դարձած է 1990-ականներուն, իսկ 2007-ին դատապարտուած է 14 տարուան ազատազրկման` յանցագործութիւններու համար, այդ շարքին՝ յանցաւոր խմբաւորման ստեղծումն ու ղեկավարումը:
Շարք մը տեսանիւթերու մէջ Փեքերը յայտարարած է կասկածելի մահերու, բռնաբարութիւններու եւ թմրանիւթերու վաճառքի մասին, որոնք կապուած են Էրտողանի շրջապատի հետ: