image

ԱՄՆ զինուած ուժերը յայտնած են Իրանը հարուածելու մասին

ԱՄՆ զինուած ուժերը յայտնած են Իրանը հարուածելու մասին

Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը հարուածներ հասցուցած են Իրանին՝ ի պատասխան Թեհրանի կողմէ Հորմուզի նեղուցին մէջ Սինկափուրի դրօշին տակ նաւարկող առեւտրական նաւու մը դէմ կատարուած յարձակման։

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ-ի Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM)։

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ հարուածներ հասցուած են իրանական հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու պահեստավայրերուն, ինչպէս նաեւ ափամերձ ռատարներուն։

«Առեւտրային նաւագնացութեան դէմ իրանական ուժերու չարդարացուած յարձակումը յստակօրէն խախտած է հրադադարը։ Աւելին, Իրանի վտանգաւոր վարքագիծը խաթարած է նաւագնացութեան ազատութիւնը, քանի որ առեւտուրը աւելի յաճախ կ՚իրականացուի այս կենսական կարեւորութիւն ունեցող միջազգային առեւտրական միջանցքով»,– յայտարարած է ԱՄՆ-ի հրամանատարութիւնը։