Քիչ առաջ աւարտեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առաջին նիստը՝ նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ կառավարութեան նիստը բաց է եղած էր լրագրողներուն համար:
Յոյսով եմ` լաւ աշխատանքային տրամադրութիւն ունիք. այս խօսքով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը սկսաւ կառավարութեան իր անդրանիկ նիստը։
Նախքան օրակարգին անցնիլը ան անդրադարձաւ Արմաւիրի մէջ տեղի ունեցած կարկտահարութեան:
Ան գիւղատնտեսութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատարին հարցրուց, թէ ինչ վիճակ է: Իգնատի Առաքելեանը նշեց, որ արդէն ուղարկած են համապատասխան անձնակազմ՝ վնասներու չափը պարզելու համար:
«Վնասները չեն հասել մեծ ծաւալների, բայց կան այգիներ, որտեղ վնասներ են եղել»,-ըսած է ան եւ նշած, որ երբ վնասներու չափը պարզ ըլլայ, կը տեղեկացնեն:
Վարչապետը հետաքրքրուած է նաեւ, թէ նախապէս նման պարագային ինչպէս վարուած են, իսկ Իգնատի Առաքելեանը պատասխանած, որ նախկին շրջանին կառավարութիւնը հնարաւորութիւն ունեցած է զիջիլ հողի հարկը կամ ջուրի վարձը, փոխհատուցած են սերմերով։
«Մենք այդ թեմային անպայման կ'անդրադառնանք, պէտք է այնպէս անել, որ աջակցութիւնը լինի ոչ այնքան ֆորմալ, որքան արդիւնաւէտ, որ մարդիկ զգան, որ պետութիւնը լրջագոյն ճիգ է գործադրում, որ իրենք այդ վիճակից դուրս գան»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:
Ան նաեւ հետաքրքրուած է, թէ ինչու հակակարկտային կայանները չեն կանխարգիլեր, որուն պատասխանած է արտակարգ իրավիճակներու նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Դաւիթ Տոնոյեանը, որ նշած է, որ այն վայրերը, ուր կարկտահարութիւն եղած է, դուրս եղած են այդ կայաններու տիրոյթէն:
«Իսկ մենք նման շա՞տ տարածքներ ունենք, մօտաւորապէս քանի՞ տոկոսն է ծածկում»,-ըսած է վարչապետը, իսկ Դաւիթ Տոնոյեանն ըսած է, որ այս պահուն 15 տոկոսը կը կարողանան ծածկել։ Կան խնդիրներ, որոնք պիտի լուծուին Ռուսաստանէն ժամանած կազմակերպութեան կողմէն, եւ երկու տարուան ընթացքին պէտք է ծածկեն 70 տոկոսը: