image

ՀՀ նախագահը վաւերացուց Եւրոմիութիւն-Հայաստան համաձայնագիրը

ՀՀ  նախագահը  վաւերացուց Եւրոմիութիւն-Հայաստան  համաձայնագիրը

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրած է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական միութեան, աթոմային ուժանիւթի եւրոպական համայնքի ու անոնց անդամ պետութիւններու միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան» համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքը: Այս մասին այսօր կը հաղորդէ Հայաստանի նախագահի գրասենեակը:

Յիշեցնենք, Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի միջեւ 24 Նոյեմբեր 2017-ին ստորագրուած համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքը Ազգային ժողովը միաձայն վաւերացուցած էր այս տարուան 11 Ապրիլին:

Լիարժէք ուժի մէջ մտնելու համար՝ փաստաթուղթը պէտք է վաւերացնեն Եւրոպական բոլոր երկիրները, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան խորհրդարանը: Թէ երբ պիտի աւարտի այդ գործընթացը, յստակ ժամկէտներ չեն նշուիր, սակայն համաձայնագիրը մասնակի պիտի սկսի գործելու Յունիս 1-ին:

Հայաստանի մէջ ընթացող վերջին քաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ՝ երէկ տարածած յայտարարութեան մէջ՝ անդրադառնալով նաեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին՝ Եւրոմիութիւնը վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստանի կողմէ նոր ջանքեր պիտի գործադրուին «բարեփոխումներու ընդգրկուն գործընթացի իրականացման՝ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու, օրէնքի գերակայութեան ներառեալ դատաիրաւական համակարգի ամրապնդման ուղղութեամբ», եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է «շարունակելու համագործակցութիւնը պետական գերատեսչութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ՝ աջակցելու Հայաստանի կողմէ ժողովրդավարական եւ տնտեսական բարեփոխումներու իրականացման ի շահ քաղաքացիներուն»: