image
Հրատապ լուրեր:

«Հազմիյէի Մխիթարեան Վարժարանը մեր տունն է». Վազգէն Նիւրբէթլեան

«Հազմիյէի Մխիթարեան Վարժարանը մեր տունն է». Վազգէն Նիւրբէթլեան

Լիբանանահայ կրթական ոլորտէն ներս մտահոգութիւն առթող նոր տագնապ մը կը հասուննայ։ Խօսքը Մխիթարեան Միաբանութեան հովանին վայելող եւ այդ պատմադրոշմ միաբանութեան անունը կրող  վարժարանին մասին է, որ տարբեր պատճառներու բերումով  յայտնուած է  տեղափոխման գործընթացի մը մէջ։

 

Մինչ Հազմիյէի Մխիթարեան վարժարանի շուրջ բոլորուած ազգայիններ վարժարանի տեղափոխումը դէպի Ռաուտայի շրջան կը համարեն անընդունելի, անդին Միաբանութեան բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը, որ միաժամանակ կը վայելէ Վատիկանի աջակցութիւնը, յարմար կը համարէ Միաբանութեան համար Վատիկանի կողմէ նշանակուած պատուիրակ Գերպ. Տ. Լեւոն արք.  Զէքիեանի կողմէ այս մասին տրուած որոշումներն ու յառաջիկային համար նախատեսուած քայլերը։

 

«Արեւելք» նախանձախնդիր մնալով նման բարդ, մտահոգիչ ու զանազան երեսակներով ու մեզի ցարդ անյայտ  մանրամասնութիւններով լեցուն հարցի մը մէջ անկողմնակալ եւ զուտ լրատուական դեր ստանձնող կողմ մը, յարմար նկատեց թեման ներկայացնել ընթերցողներու լայն  հասարկութեան։ 


Այսօրուան մեր հարցազրոյցը կատարած ենք Հազմիյէի Մխիթարեան վարժարանի շրջանաւարտներէն՝ Տիար Վազգէն Նիւրբէթլեանին հետ, այն վառ յոյսով, որ նմանատիպ զրոյցներ եւ հանրութիւնը խնդրին մասին իրազեկող լրատուութիւններ կրնան դրական կերպով ազդել երկու կողմերու միջեւ առկայ լարուածութեան մեղմացման ու նաեւ խնդրի ամբողջական լուծման։


Հաւատացողն ենք, որ նման հարցեր պէտք է լուծուին միայն երկխօսութեան ճանապարհով, հեռու ջղաձիգ կամ վիրաւորական  ընկալումներէ ու միշտ վեր պահելով լիբանանահայ համայնքի ամբողջական շահերն ու անոր մատղաշ սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւն շնորհելու հարիւրամեայ ուխտը։

 

 «Արեւելք»

 

 

Պրն. Նիւրբէթլեան, իմացած ենք, որ մօտէն կը հետեւիք Մխիթարեան վարժարանի (Հազմիյէ) հարցին։  Ի՞նչ  կրնաք  ըսել  մեզի  այդ  մասին։

Մեզի համար միակ կարեւոր կէտը այն է, որ մենք կ'ուզենք որ հայկական դպրոցը մնայ հայկական, չպարպուի իր էութենէն, չշեղի իր նպատակէն։

Մխիթարեան վարդապետները այդ  դպրոցը բանալով, ուզած էին հայկական կրթօճախ մը հիմնել եւ ոգի ի բռին աշխատած են,  որ այդ դպրոցը մէջտեղ գայ։

Ներկայ վարչութիւնը կ'ուզէ ծախել կամ վարձու տալ, ինչը երկու պարագային ալ  նոյն արդիւնքը պիտի տայ՝ դպրոցը պիտի պարպուի...

Մենք չենք ուզեր, որ դպրոցը ոչ-հայերու ձեռք անցի, հարցի էութիւնը այս է պարզապէս եւ պիտի աշխատինք որ հայ վարժարանը՝ հայ վարժարան մնայ:


-Իսկ որոն՞ք  են որ կ'ուզեն ծախել  դպրոցը։

Միաբանութեան ներկայ պատասխանատուները, չեմ ուզեր անուններ տալ:


-Դպրոցի տնօրէնին կարգավիճակը ի՞նչ է ներկայիս։

Վերջերս Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ յայտարարութիւն մը լոյս տեսաւ, ուր կ'ըսուի, թէ դպրոցի երկար տարիներու տնօրէն Հայր Յովսէփ վրդ. Թօփալեան արձակուած է իր պաշտօնէն եւ այլեւս կապ չունի Միաբանութեան հետ։ Այդ մէկը ճիշդ ինչ կը նշանակէ ես ալ չեմ գիտեր։ Ներկայիս տարբեր ամպիոններէ ու նոյնիսկ եկեղեցիներու մէջ կը յայտարարուի, որ Մխիթարեան վարժարանը այլեւս «Ռաուտա»ի մէջ պիտի գործէ եւ «Հազմիյէ»ի մէջ գոյութիւն ունենալէ դադրած է։ Այս մէկը եւս զարմանալի է մեզի համար։


-Իսկ գալ  տարի դպրոցը պիտի շարունակէ՞ իր աշխատանքները:

Հայր Յովսէփ Թօփալեանը կը շարունակէ իր արձանագրութիւները, ըստ տնօրէնութեան արդէն  իսկ հարիւրէ աւելի աշակերտներ արձանագրուած են, ուրեմն գալ տարի դասաւանդութիւնները պիտի շարունակուին, մանաւանդ որ դպրոցն ալ վերանորոգութեան շրջան մը կ'ապրի։ Այնպէս որ յոյսով ենք, որ դպրոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ իր դռները բաց կը պահէ հայ աշակերտութեան  առջեւ:


-Ձեր կարծիքով ի՞նչ կը մտածէ Հայ Կաթողիկէ համայնքի ղեկավարութիւնը  այս  հարցին մասին։

Մխիթարեան միաբանութիւնը անկախ  միաբանութիւն  է, որ ուղղակի կապուած է Վատիկանին, այսինքն իր հրահանգները կ՚առնէ Վատիկանէն եւ ոչ թէ Հայ Կաթողիկէ համայնքապետէն։  Մեր համայնքապետը կը հետեւի այս  հարցերուն, բայց միջամտելու պարտականութիւնը չունի, չի կրնար միջամտել եւ հաւանաբար տարբեր հանգամանքներու  բերումով չուզեր միջամտել։


-Առհասարակ մտահո՞գ էք այդ դպրոցի ճակատագրով, հողամասը ծախելու եւայլն:

Վստահ որ մտահոգ ենք, որովհետեւ ապագան մութ է, յայտնի չէ, լաւ կ'ըլլար որ այս խնդիրը չպատահէր եւ «Ռաուտա»ի դպրոցը բանալու փոխարէն «Հազմիյէ»ի դպրոցին ուժ տրուէր, այդ շինարարութեան ծախսերը հոս ծախսուէր եւ բարենորոգումի վարչական կամ այլ խնդիրները միասնաբար  քննարկուէին ու բոլորս արդար լուծումներու հասնէինք։ Այսօր  ի գործ դրուած   մեթոտը դժբախտաբար ցաւալի է եւ արդիւնք չի տար։ Փաստօրէն, երկփեղկումը աւելի զօրացաւ, տեսակ մը թշնամանքի մթնոլորտ մը կայ մէջտեղը,  բան մը որ ցաւալի է մեզի համար։


-Իսկ եթէ  վարդապետը  Մխիթարեան   Միաբանութենէն արձակուելու որոշումը գործադրուի, ապա  ինչ  ճակատագիր կը  սպասէ  դպրոցին։

Արդէն այդ մէկը եղած է, այսինքն այդ որոշումը եւ յայտարարութիւնը եղած են, վարդապետն ալ  գիտէ այդ մէկը, բայց  կը շարունակէ իր պարտականութիւնը։ Ան  կը յուսայ, որ իր պատրաստած խնդրագրերով, պիտի կարողանայ դէմ դնել եւ իր արձակման  որոշումը ետ  բեկանել։


-Ուրիշ խօսք ունի՞ք աւելցնելիք:

Մենք պիտի շարունակենք մեր գործունէութիւնը, յուսալով որ դպրոցը չի փակուիր, ոչ ալ դպրոցի հողատարածքը կը վաճառուի։ Մխիթարեան վարժարանը մեր տունն է, յիշատակներ կան, կրթութիւն կայ, անցեալ կայ, մշակոյթ կայ, ժառանգութիւն կայ, այս բոլորը մեր հարստութիւնն է եւ կ'ուզենք պահել պահպանել այդ ժառանգութիւնը։ Մեզի համար խորթ է առնուած որոշումը, այնպէս որ պիտի փորձենք, աշխատինք որ այս հայկական դպրոցը շարունակէ  իր առաքելութիւնը։