image

Երեք Թել Մազ

Երեք Թել Մազ

Սիրելի հայրեր Յունիս ամսուան ընթացքին կը նշուի հայրերու տօնը: Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեր տօնը, մաղթելով ամենայն բարիք: Յաճախ մայրերը հայրերէն աւելի կը գովաբանուին, բայց ես ձեր դերը նոյնքան գովաբանելի կը գտնեմ: Եթէ մայրը տան սիրտն է, ապա դուք՝ ողնահարը:

Միայն ձեր բառերը չեն, որոնք սերունդ կը դաստիարակեն, այլ՝ ձեր օրինակելի կերպարը: Եթէ ժամանակ ունիք այս պատմութիւնը կարդացէք:

Երեք թել մազ

-Հայրիկ տե՛ս, տե՛ս ի՞նչ գտանք: Ան մեր թաղին վերջաւորութեան միս-մինակ նստած էր: Ես ու եղբայրներս մօտեցանք ու շոյեցինք անոր փաս- փափուկ եւ ճես-ճերմակ մորթը, իսկ ան մեր ձեռքերը լզեց եւ ուրախութեամբ պոչիկը շարժեց:

-Տղա՛ք, վստահ եմ, որ այս շունը տէր մը ունի եւ ան ուր որ է պիտի գայ. յուսամ շուտով կը յայտնուի:

Երեք փոքր եղբայրները, իրենց մօր մահէն ետք այսքան երջանիկ չէին զգացած: Պարոն Մովսէս յուզումով դիտեց իր զաւակներուն վերագտած խինդը: Անցեալ տարի, երբ անբուժելի հիւանդութեամբ մը  իր կինը մահացաւ, տղաքը շատ ցնցուեցան, տխրեցան, իսկ  գիշերները լուռ լացին յիշելով՝ իրենց մօր գուրգուրոտ շոյանքն ու քնանալու նպաստող  պատմութիւնները: Պարոն Մովսէսը իր տղոց տխրութիւնը մեղմելու համար ոչ մէկ ջանք խնայեց։ Ցերեկը անոնց բոլոր պէտքերը հոգաց, իսկ  գիշերը Աստուածաշունչէն պատմութիւններ պատմեց: Հաւատացեալ հօր համար Ս. գրային պատմութիւնները լաւագոյն միջոցն էր տղոց մօտ Քրիստոնէական հաւատքը ամրացնելու եւ բարոյական արժանիքներ կերտելու: Մէկ տարուան ընթացքին տղաքը բազմաթիւ պատմութիւններ իւրացուցած էին եւ յաճախ իրենց հօր հետ տասը պատուիրանները կը կրկնէին:

Առաւօտուն Պարոն Մովսէս տան անհրաժեշտ գնումերը կը կատարէր եւ կը մտածէր շան դրական ներկայութեան մասին։ Փոքրիկ շուն մը տարօրինակ ուրախութիւն եւ համերաշխութիւն բերած էր իր տան եւ անցնող շաբթուան ընթացքին տղաքը իրար հետ չէին կռուած։ Յանկարծ ան թերթիկներ նկատեց, որոնք զետեղուած էին շրջանին պատերուն վրայ: Մօտեցաւ ու հետեւեալ յայտարարութիւնը կարդաց՝ «Կը խնդրենք, եթէ ձեզմէ մէկը գտած է մեր շունը թող հեռաձայնէ հետեւեալ թիւին…։ Մեր շունը Ճեփ-ճերմակ եւ փաս- փափուկ բրդեայ մորթ ունի, իսկ իր ականջէն վեր երկարող երեք թել  հաստ ու սեւ մազեր։ Նիւթական հատուցում կը խոստանանք շունը յանձնողին, կամ տեղեկութիւն տրամադրողին»:

Պարոն Մովսէս ամբողջ մարմնով փշաքաղուեցաւ, կորսուած շան նկարագրականը կը համընկնէր իր զաւակներուն գտած շան։ Դառն հարցում մը ինքզինք պարտադրեց ու անոր միտքը խաթարեց…։ Ինչպէ՞ս պիտի համոզէր զաւակները եւ անոնցմէ խլէր «վերագտնուած» երջանկութիւնը:

 -Տղա՛ք, այս շան տէրը յստակացաւ, պէտք է անմիջապէս զայն իր տիրոջը վերադարձնենք:

Տղաքը կարծես ցաւոտ ապտակ մը ստացած ըլլային: Անոնց հեկեկալով լացը՝ հօր սիրտը ճմլեց:

-Տղաք, այս շունը չենք կրնար պահել, անոր ականջին երեք թել սեւ մազերը պիտի մատնեն իր իքնութիւնը:

Պարոն Մովսէս երկու ժամ փորձեց համոզել իր տղոց, բայց անօգուտ: Վերջապէս ճարահատ ու «պարտուած» ան մազխիլը բերաւ եւ շան ականջէն վեր երկարող երեք թել սեւ մազերը արմատէն հանեց: Այլեւս ոչ ոք կրնար փաստել, որ փնտռուած շունը նոյն իրենց մօտ գտնուող   շունն է: Երեխաները պահ մը լռեցին, թէեւ գոհ էին կատարուած լուծումով, բայց խիստ զարմացած, որ իրենց հայրը դիմեց խարդախութեան: Չէ, որ ան իրենց իտէալն է, օրինակելի կերպարն է, անսխալական ու արդար հայրն է, եւ միասին տասը պատուիրանները կը կրկնեն...: Երեխաներուն քննական ու հարցական նայուածքը, նիզակի նման ցնցեց Պարոն Մովսէսին էութիւնը: Ան երեք թել սեւ մազով կորսնցուցած էր իր «հեղինակութիւնը» եւ անգամ մը եւս չկրցաւ իր զաւակներուն ըսել. «Մի՛ գողնաք, մի՛ ստէք , խարդախութիւն մի՛ ընէք: ...»:

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...