Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի, ԿԳՄՍ նախարար Ժաննա Անդրէասեանի եւ Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Եղիազար Վարդանեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացած է Քիեւեան կամուրջի հիմնանորոգման աշխատանքներու ընթացքին։ Այս մասին յայտնած են կառավարութենէն։
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ ծրագրի պատասխանատուները ներկայացուցած են իրականացուող աշխատանքները՝ նշելով, որ ընթացքի մէջ են կամուրջի երթեւեկելի եւ յետիոտնային հատուածներու վերականգնման, ձեւափոխուած կարերու եւ ջրահեռացման համակարգի նորացման, ինչպէս նաեւ ջրամեկուսացման աշխատանքները։ Վերականգնուած են նաեւ կամուրջի թռիչքային կառուցուածքներն ու յենարանները։
Ծրագրի իրականացման նպատակով Երեւանի համայնքային պիւտճէէն յատկացուած է 456 միլիոն դրամ։ Կամուրջը փակ է յունիս 17-էն, երթեւեկելի մասի հիմնանորոգման աշխատանքներն աւարտելու ժամկէտը նախատեսուած է օգոստոս 29-ը։