Իսթանպուլի Փաստաբանական Կաճառը երէկ՝ 25 Յունիսին, յատուկ հանդիսութեամբ մը մեծարեց այն իրաւագէտները, որոնք իրենց մասնագիտական գործունէութեան մէջ լրացուցած են 25 եւ 50 տարուան ծառայութեան հանգրուանները։
25-ամեակի պարգեւատրեալներուն շարքին էր նաեւ փաստաբան Ալին Տաւութհան-Էօզպիւլպիւլ, որ իր յուշատախտակը ստացաւ Կաճառի նախագահ Իպրահիմ Գապօղլուի ձեռամբ։
Հանդիսութեան ընթացքին Ալին Տաւութհան-Էօզպիւլպիւլ շրջապատուած էր իր ընտանիքի անդամներով՝ ամուսնոյն, զաւակներուն եւ ծնողներուն ներկայութեամբ։ Առիթը յատկապէս յուզիչ եւ հպարտառիթ էր անոր հօր՝ թերթիս աշխատակից, փաստաբան Սեդրակ Տաւութհանի համար, որ իր դստեր մասնագիտական մեծարումը տեսաւ նաեւ որպէս պաշտօնակիցի արժանի գնահատանք։
Այս առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք փաստաբան Ալին Տաւութհան-Էօզպիւլպիւլը՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ իր մասնագիտական գործունէութեան ընթացքին։