Յունիս 27-ին տեղի ունեցած է Քաջարանի 7.2 քիլոմեթր երկարութեամբ փապուղիի (թունելի) շինարարական աշխատանքներու մեկնարկի պաշտօնական արարողութիւնը, որուն մասնակցած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի տեղակալ Համիտ Փուրմոհամատին, Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանը եւ պաշտօնական հիւրեր։
Հիւրերը նախ շրջայց կատարած են Քաջարան-Ագարակ 32 քմ ճանապարհահատուածի արդէն իսկ փորուած երկու թունելներուն մէջ, ծանօթացած կատարուած հսկայածաւալ աշխատանքին։

Շրջայցէն ետք տեղի ունեցած է Քաջարանի թունելի կառուցման պայմանագրի ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Քաջարանի թունելի կառուցումը Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի փուլերէն մէկն է, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ ամբողջութեամբ գործարկել Հիւսիս-հարաւի առաջնահերթ համարուող հարաւային հատուածի մեծ մասը։
Քաջարանի թունելի կառուցմամբ ներկայիս գործող երթուղին պիտի կրճատուի մօտ 14 քմ-ով, փոխադրային միջոցներու միջին արագութիւնը 50 քմ/ժ-էն պիտի հասնի 80 քմ/ժ-ի, մօտ 40 վայրկեանով պիտի կրճատուի երթեւեկութեան ժամանակը։
Շինարարական աշխատանքները կը նախատեսուին աւարտել 6 տարուան ընթացքին:
Ծրագրի շրջածիրէն ներս պիտի կառուցուի ոչ միայն Քաջարանի թունելը՝ 7,2 քմ ընդհանուր երկարութեամբ, այլեւ շուրջ 4 քմ մօտեցնող ճանապարհներ: