Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Fox News-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ ծանր հարուածներ հասցնել Իրանին, եւ ամերիկեան ուժերու համար թիրախ պիտի դառնան Իրանի ուժանիւթային կառոցները, ելեկտրակայաններն ու կամուրջները։
Ան նշած է, որ ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու դէմ հարուածները կը նախատեսէ ձգել վերջաւորութեան, սակայն «ի վերջոյ հարուածներ պիտի հասցուին նաեւ ուժանիւթային թիրախներուն»։
«Այս գիշեր անոնց շատ ուժեղ պիտի հարուածենք, վաղը գիշեր եւս շատ ուժեղ պիտի հարուածենք, իսկ յաջորդ գիշերն ալ նոյնը պիտի ընենք։ Իսկ եկող շաբաթ անոնց համար ամէն ինչ աւելի վատ պիտի ըլլայ, որովհետեւ այն ատեն պիտի գայ ելեկտրակայաններուն եւ կամուրջներուն հերթը»,– ըսած է Թրամփ յուլիս 14-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։
Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի ոչնչացնէ Իրանի բոլոր ելեկտրակայաններն ու կամուրջները, եթէ իրանցիները «չնստին բանակցութեան սեղանին շուրջ եւ չբանակցին»։
Հարցին, թէ իր կարծիքով իրանցիները լրջօրէն կը վերաբերի՞ն համաձայնութեան հասնելու հեռանկարին, Թրամփ պատասխանած է, որ «անոնք այլընտրանք չունին»։
Վերջին չորս օրերուն Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը շարունակաբար բուռն հարուածներ փոխանակած են։