image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի շրջաններու մեծ մասին մէջ կը սպասուի թոյլ ձիւն

Հայաստանի շրջաններու մեծ մասին մէջ կը սպասուի թոյլ ձիւն

Հանրապետութեան տարածքին 24 Դեկտեմբերին Շիրակի, Կոտայքի, Արագածոտնի, Արարատի, Արմաւիրի եւ Վայոց Ձորի մէջ, 25-27-ին շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի թոյլ ձիւն, առանձին հատուածներու մէջ՝ բուք, ցած տեսանելիութիւն: 28-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան կայքը, քամին հիւսիս-արեւմտեան պիտի ըլլայ՝ 3-8 մ/եվ արագութեամբ:

Դեկտեմբերի 25-26՝ յատկապէս գիշերները, օդի ջերմաստիճանը պիտի բարձրանայ 13-15, ցերեկները՝ 6-8 աստիճանով:

Երեւանի մէջ Դեկտեմբերի 24-27 ժամանակ առ ժամանակ, դադարներով կը սպասուի թոյլ ձիւն: 28-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:


Երեւանի Դեկտեմբերի 24-ի բազմամեայ կլիմայական տուեալներ.

• Օդի առաւելագոյն ջերմաստիճան՝           11.90C (1980 թ.)
• Օդի նուազագոյն ջերմաստիճան՝              -23.30C (2002 թ.)
• Օդի միջին օրական ջերմաստիճան՝           -2.20C