image

Հայաստանի նկարիչներու միութիւնը ընտրեց նոր նախագահ

Հայաստանի նկարիչներու միութիւնը ընտրեց նոր նախագահ

Երէկ Նկարիչներու միութեան 19-րդ համագումարի ժամանակ օրակարգի վրայ եղած էր նաեւ նոր նախագահի ընտրութեան հարցը: Թեկնածութիւն առաջադրած են Սուրէն Սաֆարեանը, Խաչիկ Աբրահամեանը, Կարէն Աղամեանը, Յաղթանակ Շահումեանը: Աւելի ուշ, Յաղթանակ Շահումեանը ելոյթ ունեցած է՝ ըսելով, որ կը հրաժարի թեկնածութենէն:Այս մասին կը յայտնէ SHANTNEWS.am-ը:

Բանն այն է, որ թեկնածուներէն իւրաքանչիւրը 15 րոպէ ելոյթ ունենալու հնարաւորութիւն ունեցած է, թեկնածուները խօսած են այն մասին, թէ ինչ փոփոխութիւններ կը ցանկան կատարել, ի՞նչ ծրագիրներ ունին եւ ինչո՞ւ իրենք պէտք է դառնան միութեան նախագահ: Թեկնածուներուն նաեւ հարցեր ուղղուած են:

Երկար քննարկումներէ ու պարբերաբար յայտարարուող ընդմիջումներէ ետք կայացած է ՀՄՆ նախագահի ընտրութեան քուէարկութիւնը:

Խաչիկ Աբրահամեանը ստացած է 60 ձայն, Կարէն Աղամեանը՝ 82, Սուրէն Սաֆարեանը՝ 193, հետեւաբար ՀՆՄ նոր նախագահը երիտասարդ նկարիչ Սուրէն Սաֆարեանն է:

Քուէաթերթիկներէն 10-ն անվաւեր եղած են: