image

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 2273-ի

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 2273-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 125 նոր դէպք:

Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ 2 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 2273 է, արձանագրուած է մահուան 33 դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 23 հազար 142 քննութիւն։

Ապաքինուած հիւանդներու թիւն դարձած է 1010։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1227 հիւանդ: