Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 125 նոր դէպք:
Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
Հայաստանի մէջ 2 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 2273 է, արձանագրուած է մահուան 33 դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 23 հազար 142 քննութիւն։
Ապաքինուած հիւանդներու թիւն դարձած է 1010։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1227 հիւանդ: