image

Հայաստան շուտով ռուսական «Սփութնիք-V» պատուաստը պիտի ստանայ

Հայաստան շուտով ռուսական  «Սփութնիք-V» պատուաստը պիտի ստանայ

Հայաստանի մօտ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպան՝ Սերկէյ Քոփիրքին յոյս ունի, որ շատ շուտով ռուսական «Սփութնիք-V» պատուաստը   Հայաստան  կը հասնի։

Այս  մասին  դեսպանը  յայտարարած է  լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին։

«Անիկա կը մօտենայ գործնական իրագործման փուլին։ Յոյս ունիմ, որ բաւական արագ եւ մօտ ատենէն հնարաւոր կ'ըլլայ իրականացնել մատակարարումները։ Յամենայնդէպս, մենք՝ որպէս դեսպանութիւն, ամէն կերպով կ'աջակցինք անոր», - ըսաւ դեսպան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի պատուաստը Հայաստան արտադրելու հնարաւորութիւններուն, դեսպանը ըսաւ, որ  այդ հարցի շուրջ կը համագործակցին ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ ռուսական ներդրողները:

«Այս առումով որեւէ յստակ տեղեկատուութիւն չունիմ, բայց գիտեմ, որ այս թեման իսկապէս շատ աշխուժօրէն կը քննարկուի եւ յոյս ունիմ, որ շատ շուտով պատուաստը կը հասնի Հայաստան», - եզրափակեց Քոփիրքինը:

Նշենք,  որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին միացած բժշկական կեդրոններու բուժաշխատողները կամաւորութեան սկզբունքով «Քորոնա» ժահրի դէմ կը պատուաստուին Ռուսաստանի նուիրած Սփութնիք-V պատուաստով: Վերջին տուեալներով՝ մօտ 600 բուժաշխատողներ եւ վտանգի ենթակայ խումբի քաղաքացիներ ստացած են պատուաստում: Հայաստանը Ռուսաստանի հետ երկկողմանի աշխատանքներով կը նախատեսէ առաջիկային գնել «Սփութնիք-V» պատուաստ, զուգահեռ աշխատանքներ կը տարուին պատուաստ ձեռք բերելու «Covax» հարթակի միջոցով: