image

Իրանի մէջ «Քովիտ»ի դէմ պատուաստը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ

Իրանի մէջ «Քովիտ»ի դէմ պատուաստը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ

 

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան իշխանութիւնները հաւանութիւն տուած են «Քորոնա» ժահրի դէմ հայրենական արտադրութեան առաջին պատուաստանիւթի՝ COVIran Barekat-ի օգտագործման, կը հաղորդէ The Associated Press- ը։

Պատուաստանիւթը ստեղծուած է անգործունեայ դարձած ժահրի հիման վրայ՝ իրանական Shifafarmed դեղագործական ընկերութեան կողմէ։ Պատուաստանիւթի անվտանգութեան եւ արդիւնաւէտութեան վերաբերեալ առաջին ուսումնասիրութիւնները սկսած են նախորդ տարուայ դեկտեմբերի վերջը:

 Լրատուականի տեղեկութիւններով՝ պատուաստանիւթի արտակարգ օգտագործումը նպատակ ունի հանել երկիրը «Քորոնա» ժահրային վարակի ճգնաժամէն, որուն մէջ այն յայտնուած է ամերիկեան պատժամիջոցներու պատճառով, որոնց հետեւանքով պատուաստանիւթերու ներկրումը երկիր խոչընդոտուած է։

Յայտնի է, որ մինչեւ Սեպտեմբեր երկրի իշխանութիւնները մտադիր են 30 միլիոն չափաբաժին տեղական պատուաստանիւթ արտադրել։

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանին տեղեկացուցած է, որ պատուաստանիւթերի բաւարար քանակի ապահովման պարագային Իրանի մէջ յարակից հիւանդութիւն ունեցող մարդոց պատուաստումները կ'աւարտին Յուլիսի վերջը, իսկ ամբողջ բնակչութեան պատուաստումը մինչեւ Նոյեմբերի վերջ աւարտած կ'ըլլան։