Իրանի Իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանի 21 դեկտեմբերին պիտի այցելէ Երեւան: Իրանական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ՝ այս մասին 18 դեկտեմբերին յայտնած է Իրանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Փարվիզ Իսմայէլին:
Աղբիւրը կը նշէ, որ այցի ծիրէն ներս կը նախատեսուի Հասան Ռոհանիի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպում, ինչպէս նաեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրում: Փարվիզ Իսմայէլին նշած է, որ Իրանի նախագահին պիտի ուղեկցին շարք մը նախարարներ եւ մասնաւոր ընկերութիւններու ղեկավարներ:
Երկու երկիրներու գործարարները պիտի մասնակցին առեւտրային կապերու ամրապնդման նուիրուած քննարկման: