Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆը Հայաստանի Հանրապետութիւն պիտի ժամանէ 26 Մայիսին: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղտալեանը՝ նշելով, որ այցի շրջածիրէն ներս նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ: