image

«Հանրապետական»ը վարչապետի հարցով ցարդ որոշում չունի.Վահրամ Պաղտասարեան

«Հանրապետական»ը  վարչապետի հարցով     ցարդ որոշում չունի.Վահրամ  Պաղտասարեան

«Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնը ԱԺ-ի մէջ խմբակցութեան նիստ հրաւիրած էր՝ քննարկելու «Քայլ արա» նախաձեռնութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններու հարցը:


Նիստի աւարտէն ետք խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ իրենք կոչով դիմած են հանրապետութեան նախագահին, որպէսզի վերջինս քաղաքական ուժերուն քաղաքական երկխօսութեան հրաւիրէ:

Հարցին, թէ պիտի ունենայ ՀՀԿ-ն վարչապետի թեկնածու. «Եթէ քաղաքական երկխօսութիւն լինի, մենք նոր որոշում կը կայացնենք: ՀՀԿ-ն միասնական է, եւ երբ որոշում կայացնենք, դրա մասին կը խօսենք»:

Ան յայտնած է, որ նիստին վարչապետի թեկնածու ներկայացնելու հարցով վերջանական որոշում չէ կայացուած:

«Ամէն ինչ կ'արուի Սահմանադրութեամբ եւ Սահմանադրութիւնը չենք խախտելու» նշած է Պաղտասարեան:

Հարցին, թէ հնարաւո՞ր է, որ ՀՀԿ-էն կողմ քուէարկեն ընդդիմութեան վարչապետի թեկնածուին, ան ըսած է, որ ՀՀԿ-ն միասնական է: