image

Հանդիպում՝ Պարոնէս Ճոյս Անըլայի հետ, Նախարար՝ Բրիտանական Հասարակապետութեան եւ արտաքին Գործերու Գրասենեակի

Հանդիպում՝ Պարոնէս Ճոյս Անըլայի հետ, Նախարար՝ Բրիտանական Հասարակապետութեան եւ արտաքին Գործերու Գրասենեակի

Չորեքշաբթի 11 մայիսի երեկոյեան, Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան, ընկերակցութեամբ՝ Գերաշնորհ Տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի, Գերաշնորհ Տէր Հովակիմ Եպս. Մանուկեանի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ եւ Վեր. Քըրիս Կիլհամի, Անգլիոյ «Քրիստոնէական Վերակառուցում» կազմակերպութեան ներկայացուցչի, յատուկ հանդիպում ունեցան Պարոնէս Ճոյս Անըլայի հետ, նախարար՝ Բրիտանական Հասարա-կապետութեան եւ արտաքին Գործերու Գրասենեակի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կրօնական ազատութեան նիւթը եւ կողմեր այդ ուղղութեամբ փոխանակեցին խորհուրդներ: Հանդիպման աւարտին Վեր. Համայնքապետը խնդրեց նախարարէն, որ կարելիութիւնները ի սպաս դնէ Սուրիոյ պատերազմի աւարտելու գծով եւ խաղաղութիւնն եւ համակեցութիւնը հաստատուի բոլոր համայնքներու միջեւ: