image

Հալէպի վերականգման խնդիրը, ոչ միայն մեր պետութեան այլեւ ամբողջ հայութեան խնդիրն է . Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան

Հալէպի  վերականգման  խնդիրը,  ոչ միայն  մեր պետութեան  այլեւ ամբողջ  հայութեան խնդիրն է . Նախարար  Հրանոյշ  Յակոբեան

«Հայաստան  հաստատուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներէն առաջնայինը առողջապահութեան խնդիրն է: Այս եռամսեակին 362 անձ դիմած է Սփիւռքի նախարարութիւն, որոնցմէ 270-ը առողջապահութեան հարցեր   ունէին»,- այսօր լրագրողներու հարցերուն պատասխանելով յայտնած է  ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, աւելցնելով, որ  սուրիահայերու երկրորդ խնդիրը բնակարաններու վարձքերու  խնդիրն  է: Այս եռամսեակին մօտ 30 սուրիացի ժամանած է Հայաստան, որոնց հարցերը նոյնպէս անհրաժեշտ է կարգաւորել: Երրորդ հարցը, որ օրակարգային կը մնայ ու անընդհատ կը քննարկուի, ըստ նախարարին, աշխատանքի խնդիրն է: «Անոնք աշխատանք ունին, խնդիրը աւելի բարձր աշխատավարձով աշխատանք գտնելն է, եւ այդ իսկ պատճառով կ'աշխուժանայ ընտանեկան եւ մանր պիզնէսը, որովհետեւ այստեղ անոնք ըսելիք ունին, ու պատահական չէ, որ մենք անԱընդհատ ցուցահանդէսներ կը կազմակերպենք, ուր անոնք իրենց ձեռքի աշխատանքներն ու լաւագոյն գործերը կը ցուցադրեն, իսկ իւրաքանչիւր ցուցահանդէսէ ետք կը նկատենք, որ թէ' մասնակիցներու թիւը, թէ' ցուցադրուած նմոյշները կ'աւելնան»,- նշեց տիկին Յակոբեան:

«Արեւելք»ի  հարցին, թէ  ազատագրումէն ետք Հալէպի վերականգնման գործին արդեօք կը պատրաստուի՞ն մասնակցութիւն բերել ՀՀ իշխանութիւնները, նախարար Յակոբեան  պատասխանեց. «Չմոռնանք, որ այս եռամսեակին ՀՀ նախագահի նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ  30 թոն մարդասիրական օգնութիւն՝ երկու օդանաւով ուղարկուեցաւ Հալէպի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն: Սակայն Հալէպի ազատագրումը, ցաւօք, վերջնական չէ»: Վերջինս յայտնեց, որ նախարարութիւնը մշտական կապի մէջ է հալէպահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն, ղեկավար մարմիններուն, «Շտապ Օգնութեան» ղեկավարութեան ու հոգեւոր առաջնորներուն հետ, որոնք նոյնպէս կը հաւաստեն, թէ իրենք ալ տակաւին լրջօրէն չեն սկսած Հալէպի վերականգնման աշխատանքներուն: Բոլորը դեռ սպասումներու մէջ են: «Այնքան ժամանակ, որ խաղաղութեան վերջնական ծրագիրը չէ հաստատուած ու պայմանագիր  չէ ստորագրուած, այնքան ժամանակ, որ այդ տարածաշրջանին մէջ պատերազմական գործողութիւնները չեն աւարտած, տակաւին շատ շուտ է ներդրումներ կատարել  եւ քաղաքի վերաշինութեան սկսելու մասին խօսիլ»:

Տիկին Յակոբեանի կարծիքով, ոչ միայն հայոց պետութիւնը, այլեւ ամբողջ հայկական Սփիւռքը միասնաբար պէտք է մտածէ Հալէպի այն հատուածի վերականգնման մասին, ուր կը գտնուի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնն ու հարստութիւնը, սակայն այդ բոլորին պէտք է անդրադառնալ միայն վերջնական խաղաղութեան հաստատումէն ետք:

Անդրադառնալով Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ հնչած Հալէպի վերականգնման կոչին, տիկին նախարարը նոյնպէս շեշտեց, որ մենք ազգովին պէտք է մասնակցինք Հալէպի հայկական շրջաններու վերականգնման, սակայն այդ գործին համար մենք պէտք է ճիշդ   եւ յարմար ժամանակը: