Սուրիոյ կառավարութիւնը Հալէպի մէջ վերանորոգման աշխատանքներ սկսած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրին:
Մեր աղբիւրը յայտնեց, որ Նոր Գիւղ հայկական թաղամասին մէջ գտնուող «Քափրի»ի հրապարակը, որ պատերազմի պատճառով խաւարի եւ աւերուած վիճակի մէջ յայտնուած էր, 6 տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով մաքրուեցաւ եւ լուսաւորուեցաւ:
Նշենք, որ «Քափրի»ի հրապարակը Հալէպի բանուկ հրապարակներէն մէկն էր, անոր մօտ կը գործեն պետական կառոյցներ եւ փոխադրամիջոցներու կանգառ:
Այս շրջանը վերջին տարիներուն բազմիցս ահաբեկչական խմբաւորումներու հրթիռակոծման թիրախ դարձած էր: «Քափրի»ին կից թաղամասերու հրթիռակոծման հետեւանքով հայեր ալ զոհուած են: