«Արեւելք»ի աղբիւրներէն կ'իմանանք, որ AP-ի անդամ Ներսէս Գիլայճեան մահացած է: Նշենք, որ Գիլայճեան, որ արմատներով սուրիահայ է մեկնած էր Հալէպ եւ մասնակցած հայկական թաղերու պաշտպանութեան: Ան անդամ էր AP-ին եւ մահացած է Երեւանի մէջ սրտի կաթուածի հետեւանքով: Ներսէսի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է երէկ:

