Հայաստանի մէջ օրերս իր մահկանացուն կնքած է ՍԴՀԿ անդամ, նուիրեալ կուսակցական գործիչ՝ Վոլոդիա Ազատեանը (Ծն.1953-ին Մեղրի) Այս մասին իմացանք ՍԴՀԿ-ի մօտիկ մեր աղբիւրէն։
Երկար տարիներ ազգային-կուսակցական գործունէութիւն ծաւալած Վոլոդիա Ազատեանը կը համարուի Արցախեան պատերազմին մասնկացած եւ կազմակերպական մեծ աւանդ ունեցող ռազմական գործիչ։
Անոր անդուլ ճիգերուն ու նաեւ ՍԴՀԿ-ի վերին մարմիններու օժանդակութեամբ ականներուն կազմուած է «Փարամազ» ջոկատը, որ քաջաբար մասնակցած է Արցախեան մարտերուն եւ յաղթանակի փառք ու պսակ բերած մեր ժողովուրդին։
Վոլոդիա Ազատեանի աւանդը մեծ է, թէ որպէս մարտական գործիչ, գաղափարի մարդ եւ շրջապատին կողմէ յարգուած անձնաւորութիւն։
Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի տեղի պիտի ունենայ այսօր Մասիս քաղաքին մէջ։