image

Հալէպ տանող գլխաւոր ճանապարհները վերաբացուեցան

Հալէպ   տանող   գլխաւոր  ճանապարհները  վերաբացուեցան

Անցնող 48 ժամերէն  սկսեալ,  վերաբացուած են դէպի Հալէպ տանող    ցամաքային հիմնական ճանապարհները: «Արեւելք»ի  աղբիւրին համաձայն սկսած է գործել  «Քասթէլլո» շրջանի  ճանապարհը, մինչ Դամասկոսը   Հալէպի  կապող «Խանասէր» ճանապարհը, որ բաց էր սակայն ապահովական պատճառներով       դարձած էր ամայի, սկսած է բնականոն հունի մէջ մտնել:  «Արեւելք»  Լաթաքիոյ իր աղբիւրներէն նաեւ իմացաւ, որ   Հալէպէն  ժամանակաւորապէս Լաթաքիա  մեկնած   հալէպահայեր  մտադիր են յառաջիկայ օրերուն Հալէպ վերադառնալ:  Ինչ կը վերաբերի զինուորական  ընդհանուր իրավիճակին, ըստ «Ալ Մայատին» կայանին,  Սուրիոյ բանակը  յաջողած է     վերադառնալ նախաձեռնողի իր դիրքերուն եւ  հարուածել  ընդդիմադիր զինեալներիւ դիրքերը: Կը հաղորդուի նաեւ,  թէ  ընդդիմադիր զինեալներու  «Ալ Զահրա»  շրջանին  մէջ կատարած  գրոհը մատնուած է ձախողութեան եւ վերոնշեալ շրջանին մէջ ընդդիմադիրները կրած են մարդկային  ծանր կորուստներ (ըստ կարգ մը  աղբիւրներու ընդդիմադիր 40 զինեալներ  սպաննուած են այդ շրջանին մէջ): Ինչ կը վերաբերի Հալէպի  մէջ սնունդի եւ վառելանիւթի   տագնապներուն, կարելի է ըսել, որ այդ      տագնապները առաջուայ սրութիւնը  չունին եւ  քաղաքի բնակիչներ դիւրութեամբ   ուտելիք եւ վառելանիւթ կրնան  ճարել: