image

Հակառակորդը հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 1750 կրակոց. ԱՀ ՊՆ

Հակառակորդը հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 1750 կրակոց. ԱՀ ՊՆ

Անցած գիշեր Արցախեան սահմանին հակառակորդը՝ հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է շուրջ 90 անգամ` հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1750 կրակոց:

ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ատրպէյճանական զինուժը սահմանագծի հարաւային եւ հիւսիսային հատուածներուն վրայ կիրառած է ականանետեր (22 արկ) եւ հաստոցաւոր հակահրասայլային ու ինքնաշխատ նռնականետեր (12 արկ):

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն: