Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի առանձնատան մէջ պահուող կենդանիները գտնուած են լաւագոյն պայմաններու մէջ, իսկ ատոնց պահպանման համար առկայ եղած են անհրաժեշտ թոյլտւութիւնները։ Այս մասին յուլիս 7-ին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան մամուլի խօսնակ Իւեթա Տօնոյեանը։
Ան ըսած է, որ Ծառուկեանի առանձնատան մէջ պահուող կենդանիներու համար ապահովուած եղած են համապատասխան պայմաններ։
«Հայաստանում լաւագոյն, թերեւս, պայմաններն են ապահովուած եղել այն կենդանիների համար, որոնք այդտեղ՝ այդ վայրում, պահուել են։ Կադրերում երեւում են, Գագիկ Ծառուկեանն ունեցել է բոլոր թոյլտւութիւնները, բոլոր տեսակի մասնագէտների առկայութիւնը եղել է»,- նշած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խօսնակը։
Տօնոյեանը նաեւ ըսած է, որ տարիներ առաջ, երբ Գագիկ Ծառուկեանը փոքրիկ առիւծ նուիրած էր Երեւանի կենդանաբանական այգիին, իրականացուած էր երկարատեւ փաստաթղթային գործընթաց։
«Բոլոր կենդանիների հետ կապուած առկայ են եղել բոլոր տեսակի թոյլտւութիւնները, պահպանման վայրը, պայմանները՝ բոլորը համապատասխանել են նորմերին»,- ընդգծած է ան։
Անդրադառնալով կենդանիներու գլուխներու՝ որպէս խրտուիլակներ օգտագործման եւ որսի հարցին՝ Տօնոյեանը նշած է, որ այդ անձնական նախասիրութեան հարց է։
«Ցանկացած մարդ ունի իր հոբբին, ունի իր նախասիրութիւնը, եւ այն, ինչ արգելուած չէ, որեւէ մէկը չի կարող քննարկել»,- ըսած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան մամուլի խօսնակը։
Աւելի վաղ Քննչական կոմիտէէն յայտնած էին, որ Ծառուկեանին պատկանող առանձնատունէն առգրաւուած են 3 առիւծ եւ 1 վագր, որոնք տեղափոխուած են Կենդանաբանական այգի։